Դասական գիտելիքներու իւրացումը, ինչպէս նաեւ հայկականութեան ոգիի եւ ազնիւ նկարագրի կերտումը, հայ ուսանողին ամբողջական դաստիարակութեան մէջ համահաւասար արժէք կը ներկայացնեն։ Լոս Անճելըսի Հայկական Վարժարանի նպատակն է հայ աշակերտին փոխանցել համալսարանական ուսման բարձրորակ նախապատրաստութիւն, միեւնոյն ժամանակ անոր տրամադրելով հայկական նիւթերու առաջնակարգ կրթութիւն։ Առաջին օրէն սկսեալ, Վարժարանը պիտի կերտէ բարձրագոյն կրթական յաջողութեան աւանդութիւնը, ազգային պատմական հարստութիւններով հպարտանալու աւանդութիւնը եւ հայութեան ու համայն մարդկային ընկերութեան ծառայելու աւանդութիւնը։
Վարժարանի շրջանաւարտը հպարտօրէն կը հաստատէ, որ իր ապագայ յաջողութիւնը պիտի ծառայէ թէ՛ իր անձնական բարօրութեան, թէ՛ իր ազգի բարօրութեան ու վերելքին։
Լոս Անճելըսի Հայկական վարժարանի հիմնական նպատակն է իր ուսանողները պատրաստել համալսարանական կրթութեան։ Լաւագոյն համալսարանները ընդունուելու կարեւոր ազդակներէն է լաւագոյն պատրաստութիւնը։ Վարժարանի կրթական անձնակազմը՝ նուիրուած Վարժարանի ընդհանուր տեսլականին, պիտի հրամցնէ ընդարձակ դասանիւթերու ցանկ մը՝ գիտութիւններէն մինչեւ արուեստները։
Վարժարանին համար սակայն, հոս չի վերջանար իր առաքելութիւնը։ Յանձնառու հայ ուսանողը պէտք է օժտել նաեւ ազգային դաստիարակութեամբ։ Առ այդ, համալսարանի պատրաստութեան նիւթերու կողքին, Վարժարանի ուսանողը պիտի ստանայ համապարփակ փորձառութիւն հայկական նիւթերու բնագաւառէն ներս։ Լեզուն, պատմութիւնը, գեղարուեստը, աշխարհագրութիւնը, գաղութային հարցերը եւ Սփիւռքեան քաղաքական-մարտավարական մտածելակերպի զարգառցումը, հետաքրքրաշարժ միջոցներով պիտի լրացնեն ուսանողին կրթութիւնը։ Դասարանային նիւթերը պիտի լրացուին արտադասարանային ճոխ ծրագրով։
|
Վարժարանի համալիրը պիտի հաստատուի Լոս Անճելըսի հայահոծ շրջաններէն մէկուն մէջ։ Համալիրը պիտի պարփակէ արդիական դասարաններ, տարրալուծարան, համակարգիչներու աշխատասենեակ, մարզական յարմարութիւններ, ճոխ հաւաքածոյ եւ արդիական սարքեր պարունակող գրադարան, թատերասրահ, արուեստի աշխատասրահ, ինչպէս նաեւ ուսանողներու եւ ուսուցիչներու համար կահաւորուած առանձին հանգստավայրեր։ Դպրոցի արդիական կահաւորումը անհրաժեշտ է անոր առաքելութեան յաջողութեան համար։ Վարժարանը յարմարութիւն պիտի ունենայ իններորդէն տասներկրորդ կարգերուն համար, կեդրոնանալով ուսանողներու եւ կրթական անձնակազմի արդիւնաւէտ թիւի համեմատութեան վրայ։
Վարժարանը պիտի ընդունի իր կրթական չափանիշները լրացնող եւ Վարժարանի առաքելութեան հաւատացող ուսանողներ։
Վարժարանը պիտի գործէ որպէս անկախ եւ ոչ-հասութաբեր հաստատութիւն, հետեւելով պետական եւ նահանգային համապատասխան օրէնքներու։ Անիկա պիտի կառավարուի Խնամակալ Մարմնի մը կողմէ, որուն ընտրութիւնը եւ գործելաոճը պիտի տնօրինուին վարժարանին օրինագիծով։
|