Ծրագրել եւ պահպանել կրթական բարձրորակ մակարդակ, չափանիշ ունենալով Հարաւային Գալիֆորնիոյ առաջնակարգ երկրորդական վարժարանները։
Ձեւակերպել աւանդական դասանիւթերու եւ հայագիտական դասերու զուգընթաց յայտագիրներ, որոնք կ՚ամբողջացոփն յետդասարանային ճոխ ծրագիրներով։
Շեշտել հայ երիտասարդներուն զոյգ դերերը՝ իբրեւ սփիւռքեան դերակատարներ եւ իբրեւ աշխարհի տիպար քաղաքացիներ։
Ստեղծել ուժական եւ գրաւիչ դպրոցական մթնոլորտ՝ մէկտեղելով աւանդական դասարանային ուսուցումը, խմբական աշխատանքի դրութիւնը եւ այցելու գիտնականներու, արուեստագէտներու եւ հասարակական գործիչներու կոդմէ տրուած լսարանները։
|
Վարժարանը վերածել կենսունակ ուսումնավայրի մը՝ արտադպրոցական ժամերուն ուսանողութեան եւ գադութին մատուցելով դասընթացքներ եւ դասախօսական երեկոներ եւ համալիրը տրամադրելի դարձնելով բովանդակ համայնքին։
Յառաջացնել առաջնակարգ եւ արժանապէս վարձատրուած ուսուցչական կազմ, որուն մտածելակերպը եւ գործելակերպը կը նպաստեն վարժարանի առաքելութեան իրականացման։
Յանձնառու ըլլալ ընդունելու ատակ աշակերտը, անկախ անոր նիւթական պայմաններէն։
Կառուցել Վարժարանին պահանջները գոհացնող արդիական համալիր մը։
Գոյացնել մնայուն հիմնադրամ՝ Վարժարանի տեսլականին եւ վերոյիշեալ սկզբունքներուն իրագործումը ապահովելու համար։
|