Armenian Academy of Los Angeles  |  Լոս Անճելըսի Հայկական Վարժարան
Այսօր, համազգային առումով ճակատագրական այս օրերուն, ուսեալ, պարկեշտ եւ յառաջադէմ հայ երիտասարդ սերունդի մը առկայութիւնը անհրաժեշտ է նպատակամէտ եւ առողջ Սփիւռքի մը գոյութեան համար։ Մեր նախնիքներու կտակած ուսումնատենչութեան ոգին, իր արժանաւոր ժառանգորդներուն միջոցաւ, այսօր եւս ի սպաս պէտք է դրուի հայ ժողովուրդի հաւաքական շահերուն։

Ուսման եւ զարգացման տենչը հայ ժողովուրդի բնորոշ յատկանիշներէն եղած է։ Այդ գծով, դարերու ընթացքին հայութիւնը հիմը դրած է բարձրորակ կրթական եւ ուսումնական հաստատութիւններու։ Ասոնց շարքին կարելի է թուել Սանահինի, Նարեկի եւ Հաղբատի (Ժ. դարէն), Մաշկետրի (ԺԱ.-ԺԳ. դար), Խարաբաստի (ԺԲ.-ԺԳ. դար), Գլաձորի (ԺԴ.-ԺԵ. դար) եւ Տաթեւի (ԺԵ.-ԺԶ. դար) վանքերը, իսկ աւելի ուշ՝ Վենետիկի Մխիթարեան Վարժարանը, Երեւանի Պետական Համալսարանը եւ շատ ուրիշներ։
Դասական գիտելիքներ փոխանցելու կողքին, այս վարժարանները հանդիսացած են իբրեւ հնոցներ՝ կազմաւորելու համար ազգային գիտակցութեան տէր եւ հասարակական գործունէութեան նուիրուած հայ որդիներ։

Իր ժողովուրդի անցեալով հպարտ եւ անոր ապագայի հանդէպ նախանձախնդիր հայ ուսանողին համար՝ բարձրորակ ուսումի ձեռքբերումը կենսական նուաճում մըն է։

Լոս Անճելըսի Հայկական Վարժարանը այդ ուսանողին հարազատ տունն է։


Armenian Academy of Los Angeles | © 2002-2008