Armenian Academy of Los Angeles  |  Լոս Անճելըսի Հայկական Վարժարան
Լոս Անճելըսի Հայկական Վարժարանը կը հաւատայ որ համազգային առումով ճակատագրական այս օրերուն, ուսեալ, պարկեշտ եւ յառաջադէմ սփիւռքահայ երիտասարդ սերունդ մը անհրաժեշտ է նպատակամէտ եւ առողջ սփիւռքի մը գոյութեան համար։ Առ այդ՝ Վարժարանի նպատակն է հայ ուսանողին փոխանցել լաւագոյն համալսարաններու ընդունման պայմաններուն համապատասխան բարձրորակ պատրաստութիւն, ինչպէս նաեւ հայագիտական նիւթերու առաջնակարգ կրթութիւն։ Վարժարանը պիտի ստեղծէ միջավայր մը որ կը սատարէ ուսումնական բարձր նուաճումներու, քննական մտածողութեան զարգացման եւ բարոյական տիպարի ու ծառայութեան ոգիի կերտումին։



Armenian Academy of Los Angeles | © 2002-2008