Armenian Academy of Los Angeles  |  Լոս Անճելըսի Հայկական Վարժարան
Լոս Անճելըսի Հայկական վարժարանի հիմնական առաքելութիւնն է հայ ուսանողին համար ստեղծել այնպիսի միջավայր մը, ուր ան կարենայ բարգաւաճիլ ուսումնապէս եւ ազգային գիտակցութեամբ։ Իբրեւ արդիւնք, պիտի յառաջդիմէ ոչ միայն ուսանողը, այլ իր միջոցաւ պիտի օգտուին նաեւ մեր գաղութը, ազգը եւ համայն մարդկային ընկերութիւնը։

Ուսումի մէջ գերազանցելը մեր հիմնական չափանիշն է. Վարժարանէն ներս իւրացուած գիտելիքները եւ առողջ սովորութիւնները հիմնաքարերն են մեր ուսանողներու ապագայ համալսարանական կրթական յաջողութեան։
Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը, ինքնաճանաչման եւ հպարտութեան աղբիւր է վարժարանի ուսանողին համար. պատմութենէն դասեր քաղելով եւ զայն ճիշդ գնահատելով՝ ան կը յաջողի մեր ազգային-հասարակական ապագայ ուղիին լաւապէս նպաստել։

Նուիրումի եւ ծառայութեան զոյգ սկզբունքները, ինչպէս նաեւ խոչընդոտներ յաղթահարելու կամքը, կենսական արժէքներ կը նկատոփն ուսանողին կողմէ։

Զօրեղ կամք եւ ազնիւ ոգի. ահաւասիկ ուսանողին նկարագրին եւ բարոյական սկզբունքներուն գլխաւոր յատկանիշները։


Armenian Academy of Los Angeles | © 2002-2008