Armenian Academy of Los Angeles  |  Լոս Անճելըսի Հայկական Վարժարան

Հայոց Պատմութեան եւ Մշակոյթի Բաժանմունքը իր դասանիւթերը աշակերտներուն կը հրամցնէ անգլերէնով դասաւանդուած Ընդհանուր Պատմութեան Բաժանմունքին հետ համադրաբար, որպէսզի աշակերտը հասկնայ Հայ ժողովուրդին տեղն ու դերը համաշխարհային պատմութեան մէջ։

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԿՐՕՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Հայոց Պատմութիւն Ա.........................................Լման Տարի/9-րդ Դասարան
Հայաստանի Հին եւ Միջնադարեան Պատմութիւն

Հայոց Պատմութիւն Բ........................................Լման Տարի/10-րդ Դասարան
Հայաստանի Արդի եւ Ժամանակակից Պատմութիւն

Հայ Քրիստոնէական Կրօնագիտութիւն..............Կէս Տարի/11-րդ Դասարան

Հայկական Ծիսաբանութիւն.................................Կէս Տարի/11-րդ Դասարան

Հայոց Պատմութիւն Գ..........................................Կէս Տարի/12–րդ Դասարան
Ցեղասպանութիւնը՝ Վաւերագրութիւն եւ Ներկայ Քաղաքականութիւն

Հայոց Պատմութիւն Գ.–ի մաս կազմող հետեւեալ 9-ը դասերէն որեւէ 4-ը կը կազմեն 12–րդ դասարանի կէս տարուայ դասերը։

Հայոց Պատմութիւն Գ.................................Կէս Տարի/12–րդ Դասարան կամ
Հայկական Պետութիւնը եւ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը՝ Անցեալին եւ Այսօր

Հայոց Պատմութիւն Գ.
Հայաստանը 20րդ Դարուն

Հայոց Պատմութիւն Գ.
Կնոջ Դերը Հայոց Պատմութեան մէջ

Հայոց Պատմութիւն Գ.
Հայ Քաղաքական Միտքը եւ Նպատակները Անցեալ Երկու Դարերու Ընթացքին

Հայոց Պատմութիւն Գ.
Հայկական Դիցաբանութիւնը եւ Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւնն ու Վանքերը

Հայոց Պատմութիւն Գ.
Հայ Մտաւոր Մշակոյթը, Փիլիսոփայութիւնն ու Հոգեբանութիւնը Դարերու Ընթացքին

Հայոց Պատմութիւն Գ.
Հայերու Նիւթական եւ Առեւտրական Մշակոյթը

Հայոց Պատմութիւն Գ.
Հին եւ Միջին Դարերու Հայկական Պատմագրութիւնը

Հայոց Պատմութիւն Գ.
Հայ Արուեստի եւ Լեզուի Պատմութիւն

Հայոց Պատմութիւն Գ......................................Կէս Տարի/12–րդ Դասարան
Ընդհանուր Հայոց Պատմութեան, Հայ Ժողովուրդի եւ իր Մշակոյթի Կարեւոր Երեւոյթները
Այս դասը կը մէկտեղէ բոլոր կարեւոր անձնաւորութիւները, թուականները, դէպքերը, ծէսերը, աւանդութիւնները, սովորութիւնները, տօները, ազգային-ժողովրդական երգերը, պարերը, գեղարուեստը, յուշարձանները, առասպելները, պատմութիւնները եւայլըն։

Տարբեր նիւթեր, ինչպիսին են հայկական ճարտարապետութիւն, մանրանկարչութիւն, ձեռագրեր, տեսողական եւ կատարողական արուեստներ, պիտի միաձուլուին Գեղարուեստի Բաժանմունքի դասընթացքներուն հետ։

Հայագիտութեան Բաժինը իր բոլոր ուսուցումները պիտի կատարէ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ։ Սակայն պիտի արտօնէ գործածել գիրքեր կամ գրականութիւն որոնք տպուած են աբեղեանական ուղղագրութեամբ:



Armenian Academy of Los Angeles | © 2002-2008