Հայերէն Լեզուի եւ Գրականութեան Բաժանմունքին նպատակն է իւրաքանչիւր աւարտող աշակերտ օժտել հայերէն կարդալու, գրելու եւ խօսելու հմտութեամբ։ Աշակերտներու նշանակումը դասարաններու մէջ պիտի ըլլայ իրենց հայերէնի մակարդակի եւ իրենց արեւմտահայ կամ արեւելահայ լեզուական փորձառութեան հիման վրայ։ Աշակերտները կրնան հայերէնի երկու ճիւղերուն ալ հետեւիլ, սակայն Բաժանմունքը կը քաջալերէ որ անոնք մէկ ճիւղին մէջ դառնան հմուտ։
|
Ուսուցիչները պիտի օգտագործեն զանազան միջոցներ, ինչպիսին են՝ լեզուական գիտաշխատանոցներ, դասարանային քննարկումներ, քերականական եւ ստուգաբանական աշխատանքներ, դասագիրքերու եւ դասատետրակներու գործածութիւն, թարգմանութիւններ, եւ խորացում լեզուի գործածութեան մէջ։
|