|
Լոս Անճելըսի Հայկական Վարժարանի Հայագիտութեան Բաժինը կ՚ընդգրկէ հայերէն լեզուի եւ հայոց գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթի դասեր։ Այս դասերը ծրագրուած են այնպիսի ձեւով որ անոնք աշակերտին մօտ կը զարգացնեն հմտութիւն վերոյիշեալ նիւթերուն մէջ եւ հետաքրքրութիւն ու հոգածութիւն հայոց պատմութեան, մշակոյթի եւ արուեստի ոլորտներուն նկատմամբ. դասերը նաեւ կը քննեն ժամանակակից հարցեր ու երեւոյթներ, որոնք առընչութիւն ունին Հայաստանի եւ արտերկրի հայութեան հետ։
|
|