Armenian Academy of Los Angeles  |  Լոս Անճելըսի Հայկական Վարժարան



Լոս Անճելըսի Հայկական Վարժարանի Առաջին Կալա-Երեկոյթը
Լոս Անճելըսի Հայկական Վարժարանի Առաջին Կալա-Երեկոյթը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 1ին, աւելի քան 340 հիւրերու ներկայութեամբ, հանրութեան ներկայացնելու համալսարանի նախապատրաստող այս նոր երկրորդական վարժարանի ծրագիրը:

Հաւաքոյթի պաշտօնական բաժնէն առաջ, Արարատ Տան Տէօքմէճեան սրահի մուտքին ներկայացուեցաւ հայ անուանի արուեստագէտներու գործերու ճոխ ցուցահանդէս մը, որուն յաջորդեցին ընթրիքն ու գլխաւոր յայտագիրը:

Օրուան հանդիսավար Տոքթ. Արմանտ Դուրեան իր բացման խօսքէն ետք հրաւիրեց Վարժարանի Խնամակալ Մարմնի ատենապետուհի Տիկին Սեդա Սիմոնեանը՝ փոխանցելու Խնամակալ Մարմնի խօսքը: Ան ներկայացուց ծրագրի տեսլականն ու առաքելութիւնը եւ լուսաբանեց Լոս Անճելըսի Հայկական գաղութին համար նման վարժարանի մը անհրաժեշտութիւնն ու բարձրագոյն մակարդակի կրթութեան կարեւորութիւնը: Տիկին Սիմոնեան առաջադրեց անյապաղ կարիքը նման հաստատութեան մը, որ կը յատկանշուի զուգընթաց ծրագրով, հաստատութիւն մը ուր համատեղ կը հրամցուին ամերիկեան լաւագոյն ուսումնական դասընթացք եւ հայկական գիտելիքներու ու մթնոլորտի: Ան շեշտեց ըսելով՝ «Կ'ուզենք ստեղծել հաստատութիւն մը, որ կ'առաջնորդէ իր աշակերտները լաւագոյնս մրցելու եւ իրագործելու յաջողութիններ դուրսի աշխարհին մէջ, միեւնոյն ժամանակ կը պատրաստէ ուսանողներ, որոնք իրենց արմատներն ու ինքնութիւնը լաւօրէն ու հպարտօրէն կը ճանչնան»:
Տեսաներիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ վարժարանի ծրագրին հիմնաւորումն ու պատկերացումը: Ապա հրաւիրուեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօս Տոքթ. Նուպար Աֆէյեան. ան, անդրադառնալով իր կրթութեան, եւ կեանքի յաջողութիւններուն, վերծանեց բարձրագոյն եւ լաւագոյն ուսման կարեւորութիւնը, յատկապէս այսօրուան մրցողական համաշխարհային մթնոլորտին մէջ: Ան ընդգծեց կարեւորութիւնը ճիշդ ըմբռնելու եւ գնահատելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի նպաստալից փոխյարաբերութիւնները եւ զարգացած սերունդի մը իւրայատուկ դերը Հայ ժողովուրդի ապագայ վերելքին համար: Տոքթ. Աֆէյեան դիտել տալով նման ծրագրի մը դիմագրաւած բնական խոչընդոտները, եզրակաբակեց ըսելով՝ «Անոնք որոնք ձեզ կը վհատեցնեն ձեր երազներու իրականացման ընթացքին, ընդհանրապէս անոնք են որոնք լքած են իրենց իսկ երազները»:

Գլխաւոր յայտագրին մաս կը կազմէին նաեւ յատկապէս այս ձեռնարկի համար ստեղծագործուած երեք գեղարուեստական ներկայացոմներ- երաժշտական, թատերական եւ պարային- որոնք ճաշակաւոր եւ իմաստալից ձեւով ճոխացուցին երեկոյն:

Ծրագիրը եւ երեկոն օրհնուեցան աղօթքներով եւ քաջալեր խօսքերով Առաջնորդ Սրբազան Մուշեղ Մարտիրոսեանի եւ Առաջնորդ Սրբազան Յովնան Տէրտէրեանի ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Վարժարանի Խնամակալ Մարմինը եւ իր յանձնախումբերը այժմ կ'աշխատին հանգանակային արշաւին վրայ: Նուիրատուութիւնները եւ խոստումները արդէն հասած են 174,000 տոլարի: Անոնք որոնք կը փափաքին օժանդակել գործով կամ նուիրատուութեամբ կրնան կապուիլ կայքէջով՝ www.armenianacademyofla.org կամ հեռաձայնով՝ (818) 293-0010:


Armenian Academy of Los Angeles | © 2002-2008